Jump to content

«Հնդկահաւ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
 
Տող 9. Տող 9.


Հնդկահաւերը ընդհանրապէս բանականութիւն չունին, եւ կը թուի, թէ անոնք նաեւ խնդիր ունին յիշողութեան հետ, որ ամէնէն վատերէն մէկն է<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/567739 Հնդկահաւերը]</ref>:
Հնդկահաւերը ընդհանրապէս բանականութիւն չունին, եւ կը թուի, թէ անոնք նաեւ խնդիր ունին յիշողութեան հետ, որ ամէնէն վատերէն մէկն է<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/567739 Հնդկահաւերը]</ref>:
== Ծագում ==
Հնդկահաւը ընտելացուած է Ամերիկայի մէջ: Սակայն ԺԵ. դարու մարդիկը կը կարծէին, թէ ան եկած է Հնդկաստանէն, որովհետեւ երբ 1492-ին [[Քրիսթոֆըր Քոլոմպոս|Քրիստոֆըր Քոլոմպոս]], երկար ճամբորդութենէ մը ետք, կը հասնի ցամաք, կը կարծէ, որ հասած է [[Հնդկաստան]]:

Արդէն երկար ժամանակներէ ի վեր այդ ցամաքամասին վրայ բնակող ազթեքները ընտելացուցած էին հնդկահաւերը, կ'ուտէին անոր միսը եւ [[Նետ|նետեր]] ու տարազներ կը շինէին անոնց ոսկորներով ու փետուրներով: Նոր Աշխարհ հասած հետախոյզները կը ծանօթանան նաեւ «Հնդկաստանի հաւ»ին եւ զայն իրենց հետ [[Եւրոպա]] կը տանին, ուր ան կը փոխարինէ [[Սիրամարգ|սիրամարգին]] միսը, որ շատ աւելի չոր էր:

Առաջին հնդկահաւը կը հրամցուի իշխանական սեղանի մը վրայ` 1570-ին, Շարլ 9-ի եւ [[Աւստրիա|Աւստրիոյ]] Էլիզապէթ իշխանուհիի ամուսնութեան առիթով: Մինչեւ ԺԹ. դար այս ուտելիքը հարուստ ընտանիքներու վերապահուած էր<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/361995 Հնդկահաւերուն ծագումը]</ref>:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Ծնթ․ցանկ}}

Ընթացիկ տարբերակը 17:04, 12 Յուլիս 2024ի դրութեամբ

Հնդկահաւը ընդհանուր տոհմ ունի ցախաքլորներու (grouse), փասիաններու (pheasant) եւ այլ թռչուններու հետ, որոնք կարելի էր գտնել նոյնիսկ աւելի քան 20 միլիոն տարի առաջ` Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:

Նորածին հնդկահաւերը ամբողջ տարուան ընթացքին կը մնան մօր մօտ: Հակառակ անոր, որ վայրի հնդկահաւերը կը նախընտրեն բնակիլ ծառերու վրայ, մայրը, սակայն, կը պահէ իր ձագերը գետինի մակարդակի վրայ, որպէսզի պաշտպանէ զանոնք գիշատիչներէ` մինչեւ անոնց չափահաս դառնալը:

Հակառակ անոնց մեծ արագութեան` վայրի հնդկահաւերը կրնան թռչիլ միայն ցած բարձրութեան վրայ, նախքան անոնց կրկին գետին իջնելը: Միւս կողմէ` ընտանի հնդկահաւերու մեծ մասը ի վիճակի չէ թռչելու, որովհետեւ անոնք բուծուած են այնպէս, որ շատ աւելի մեծ ըլլան, քան` վայրի բնութեան իրենց վիճակին մէջ:

Հնդկահաւու բոյն

Հնդկահաւերը ընդհանրապէս բանականութիւն չունին, եւ կը թուի, թէ անոնք նաեւ խնդիր ունին յիշողութեան հետ, որ ամէնէն վատերէն մէկն է[1]:

Հնդկահաւը ընտելացուած է Ամերիկայի մէջ: Սակայն ԺԵ. դարու մարդիկը կը կարծէին, թէ ան եկած է Հնդկաստանէն, որովհետեւ երբ 1492-ին Քրիստոֆըր Քոլոմպոս, երկար ճամբորդութենէ մը ետք, կը հասնի ցամաք, կը կարծէ, որ հասած է Հնդկաստան:

Արդէն երկար ժամանակներէ ի վեր այդ ցամաքամասին վրայ բնակող ազթեքները ընտելացուցած էին հնդկահաւերը, կ'ուտէին անոր միսը եւ նետեր ու տարազներ կը շինէին անոնց ոսկորներով ու փետուրներով: Նոր Աշխարհ հասած հետախոյզները կը ծանօթանան նաեւ «Հնդկաստանի հաւ»ին եւ զայն իրենց հետ Եւրոպա կը տանին, ուր ան կը փոխարինէ սիրամարգին միսը, որ շատ աւելի չոր էր:

Առաջին հնդկահաւը կը հրամցուի իշխանական սեղանի մը վրայ` 1570-ին, Շարլ 9-ի եւ Աւստրիոյ Էլիզապէթ իշխանուհիի ամուսնութեան առիթով: Մինչեւ ԺԹ. դար այս ուտելիքը հարուստ ընտանիքներու վերապահուած էր[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]