Jump to content

«Պալիի Ուլուուաթու տաճարը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր}} '''Ուլուուաթու տաճարը,''' շրջան՝ Պալի կղզիին մէջ: Հոն, կանաչութեան մէջ պահուած, կը գտնուի Փուրա Լուհուր տաճարը, ուր կապիկները թագաւորի պէս կ'իշխեն: Այս տաճարը շինուած է վաղուց, ծովու աստուածներուն ի պատիւ: Երբ այս տաճարը կը բացուի հանրութ...»:
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
 
Տող 14. Տող 14.
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Արտաքին յղումներ}}
== Արտաքին յղումներ ==
*[https://www.youtube.com/watch?v=R4X7o8yGQ9E Գող կապիկները]
*[https://www.youtube.com/watch?v=R4X7o8yGQ9E Գող կապիկները]
*[https://www.youtube.com/watch?v=ovpsuyRanw8 Կապիկներուն վարմունքը]
*[https://www.youtube.com/watch?v=ovpsuyRanw8 Կապիկներուն վարմունքը]

16:51, 12 Յուլիս 2024-ի տարբերակ

Բնակավայր
Պալիի Ուլուուաթու տաճարը
Երկիր  Ինտոնեզիա

Ուլուուաթու տաճարը, շրջան՝ Պալի կղզիին մէջ:

Հոն, կանաչութեան մէջ պահուած, կը գտնուի Փուրա Լուհուր տաճարը, ուր կապիկները թագաւորի պէս կ'իշխեն: Այս տաճարը շինուած է վաղուց, ծովու աստուածներուն ի պատիւ:

Երբ այս տաճարը կը բացուի հանրութեան առջեւ, մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը սկսին անցնիլ Ուլուուաթուէն: Անիկա կը դառնայ Պալի կղզի այցելողներուն համար գրեթէ ստիպողական հանգրուան մը:

Ուլուուաթույի կապիկները

Պելճիքայի` Լիէժի համալսարանէն կապիկներու մասնագէտ մը անդադար չորս ամիս ուսումնասիրած է այս անասունները` հասկնալու համար, թէ Ուլուուաթուի այս մագոգ կապիկները ինչպէ՛ս կը կազմակերպուին ուտելիք ապահովելու համար: Ի յայտ կու գայ, որ անոնք գլխարկ մը կամ արեւու ակնոցներ կը գողնան, ապա իրենց տիրոջ կը վերադարձնեն, որ տէրը իրենց փոխարէնը ուտելիք տայ:

Մասնագէտը կը բացատրէ, որ ասիկա իւրայատուկ վարք մըն է: Այս վարմունքը տեսնուած է, Պալիի` Ուլուուաթույի տաճարին մէջ: Ան կը մտածէ, որ հաւանաբար այս տաճարին մէջ շրջող կապիկները գտած են այս հնարքը, ապա անոնց շուրջի կապիկները սկսած են ընդօրինակել այս վարմունքը: Սակայն, այս փոքրիկ գողերը այլեւս չեն բաւարարուիր զբօսաշրջիկներէն գողնալով իրենց ստամոքսը լեցնող ուտելիքներ եւ խմելիքներ: Ներկայիս սովորական երեւոյթ մըն է, որ այցելու մը Ուլուուաթուի տաճարէն վերադառնայ մէկ կօշիկով, կամ` առանց ակնոցի, գլխարկի եւ գոհարեղէնի: Վերջին տարիներուն կապիկները սկսած են նաեւ մօտէն հետաքրքրուիլ նոր արհեստագիտութիւններով, որովհետեւ անոնք սկսած են գողնալ նաեւ զբօսաշրջիկներուն բջիջային հեռաձայնները եւ լուսանկարչական գործիքները[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ