Jump to content

Անոյեա

17:18, 10 Յուլիս 2024ի տարբերակ, HoMen (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Քաղաք
Անոյեա
Ανώγεια
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ
ԲԾՄ 730 մեթր
Բնակչութիւն 2 201 (2021-ի մարդահամար) մարդ
Հեռախօսային ցուցանիշ 2834
Փոստային ցուցանիշ 740 51
Պաշտօնական կայքէջ anogeia.gr

Անոյեա․ (յուն․՝ Ανώγεια)․ Կրետէի Ռեթիմնօ նահանգին Միլոբոթամոս գաւառի լեռնային գիւղաքաղաք։ Ռեթիմնոյէն հեռաւորութիւնը 54 քլ է։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Դիրքը

Անոյեա կը գտնուի Փսիլորիթիս լեռնաշղթային Արմի լերան լանջին, ծովու մակերեսէն 830 մ․ բարձրութեան վրայ։ Բնակչութեան թիւն է 2 240 (2021-ի մարդահամար)։ Անոյեային մօտ կը գտնուին Սֆենդոնի քարայրը, Նիդա լեռնադաշտւը, ինչպէս նաեւ Իդէօ Անտրօ, հոն ուր ըստ յունական դիցաբանութեան Զեւս մեծցաւ։

Անունը

Անոյեա անունը առած է իր դիրքին պատճառով։ Անոյեա (Ανώγεια) կը նշանակէ «վերի հող» (άνω γη)։

Պատմութիւն

Անոյեա իր պատմութեան ընթացքին միշտ ընդդիմացած է տարբեր աշխարակալերու դէմ եւ տուժած է։ Ինչպէս օրինակ, 130 տարուան ընթացքին՝ երեք ողջակիզութիւններ․ 1822 եւ 1867 թուրքերուն կողմէն եւ 1944-ին գերմանացիներուն կողմէն։

1182-ին Կրետէն կը բաժնուի Բիւզանդիոնի 12 աւատական ընտանիքներուն միջեւ։ Անոյեա կը յանձնուի Ֆոքաս ու աւելի ուշ Գալերղիս ընտանիքներուն։ Կ՛անուանուի «Թագաւորական Անոյեա»։

1648-ին թուրքերուն ձեռքը կ՛իյնայ։ Յունական ապստամբութեան ընթացքին, Մայիս 1822-ին Անոյեացիները թուրքերուն կը յաղթեն։ Թուրքերը զանգուածային ջարդով եւ հրկիզումով կը հակազդեն՝ 14 Յուլիս 1822։

Կրետական ապստամբութեան նախօրեակին՝ 1866-ին, Անոյեային մէջ տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան Կրետէի ֆետայիներու խմբապետներու համագումարը։ 1867 Նոյեմբերին թուրքերը Անոյեան կը վերագրաւեն եւ կը հրկիզեն ու բնակիչներուն սուրէ կ՛անցընեն։ Անոյեացիները կը մասնակցին 1897-ի Ապստամբութեան եւ յաջորդող ազատագրական պայքարներուն։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, անոյեացիները զէնքով կ՛ընդիմանան գերմանական բռնիշխանութեան դէմ։ 1941-ին կը հիմնուի «Անոյեայի Ազատագրական գործունէութեան յանձնախումբ»ը։ Անոյեա կրետական ընդիմութեան դրօշակակիրը կը հանդիսանայ։ Անոյեացիները գերմանացիներուն քիթին տակ զօրավար Գրայբէն կ՛առեւանգեն ու կը յաջողին Ափրիկէ փախցնել։

Այս դէպքին բռնիշխան գերմանացիները կը հակադարձեն «տղամարդոց գլխատման» հրամանագրով մը։ 13 Օգոստոս 1944-ին, գերմանական երեք զօրագունդեր Անոյեան կը պաշարեն, 80 ծերեր կը ձերբակալեն (մնացեալ տղամարդիկը կը յաջողին խոյս տալ եւ Փսիլորիթի ապաստան գտնել) եւ Իրաքլիօ կը ղրկեն, ուժանակով բնակարաններ կը պայթեցնեն եւ 800 տուներ հրոյ ճրագ կը դարձնեն։

1941-էն մինչեւ 1944, գերմանական բռնիշխանութեան դէմ ընդիմութեան պայքարի ընթացքին, 104 անոյեացիներ կը զոհուին։

Հովիւներուն ուխտը եւ Սասմոս

Փսիլորիթիին Հովիւներուն ուխտը Աստուծոյ իր արմատները ունի յունական դիցաբանութեան մէջ Էրմիս անասուններ գողցողին դիւցազնին․ անգիր տեղական ընկերական կեանքի օրէնք մը եւ կը վերաբերի վրիժակռիւներ, ընդհանրապէս անասուն գողնալ, կողոպուտ եւ պատիւի հարցեր։

Որպէսզի Սասմոս Σασμός (հաշտութիւն/ներում) գայ, մջնորդները անհրաժեշտ են։ Անոնք երկու կողմերուն կը միջնորդեն։ Ուխտը, ամբաստանեալին պատճառաբանութիւնն է, որպէս վերջին լուծում ընկերական/համայնքին հաւասարակշռութեան համար, որ բոլորն ալ պարտաւոր են ընդունիլ որպէս իրականութիւն։

ՆԻԶԱ-ն (ΝΗΖΑ = Μα τον Δία Դիան վկայ) Հովիւներուն ուխտին զարգացման արդի փոխաձեւոութիւնն է․-

"Νη Ζα, φάσκω σου και κάτεχέ το,

πως δεν κατέω πράμα,

για την αραζό τση κλεψάς των οζώ σου".

Ազատ թարգմանութեամբ՝

«Դիան վկայ կը յանձնուիմ,

եւ նկատի ունեցիր թէ ոչինչ գիտեմ,

քու անասուններուն գողութեան համար։»