Jump to content

Պարպի Պուպրիկը

Պարպի Պուպրիկը
Կայքէջ shop.mattel.com/pages/ba…

Պարպի Պուպրիկը, Մանկական խաղալիք, ստեղծուած՝ 9 Մարտ 1959-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ[1]: Զայն ստեղծած է Ռութ Հենտլըր, խաղալիքներու ամերիկեան հաստատութեան` «Մաթել»ի հիմնադիրներէն մէկուն կինը[2]:

1950-ական թուականներուն ամերիկացի գործատէր Ռութ Հանտլըր կ'անդրադառնայ, որ իր 10 տարեկան աղջիկը իր պարզ խաղալիքները կը ձգէ եւ կը խաղայ չափահասներ ներկայացնող թուղթէ կերպարներու հետ: Հետեւաբար Ռութ կը մտածէ հնարել անոր տարիքին աւելի յարմար կիներու նմանող պուպրիկներ[3]:

Ռութը անմիջապէս շինել կու տայ դեղին մազերով, երկար ոտքերով եւ նեղ մէջքով «մանըքեն» պուպրիկ մը: Ան պուպրիկը կը կոչէ Պարպի, իր աղջկան անուան` Պարպարայի կրճատումը: Աւելի ուշ՝ ան կը ստեղծէ անոր ընկերը` Քենը, իր տղուն` Քենեթին կրճատումը:

Այս պուպրիկները շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնեն. անոնց ստեղծումէն ի վեր աւելի քան մէկ միլիառ օրինակներ ծախուած են աշխարհի շուրջ:

Պարպին ժամանակի ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարպի ունեցած է աւելի քան 150 արհեստի տեսակներ, որոնք քայլ պահած են ընկերութեան մէջ կնոջ յառաջդիմութեան հետ:

Ան եղած է նորաձեւութեան աստղ, օդանաւի մէջ աշխատող հիւրընկալ անձնակազմի անդամ, աստղանաւորդ, մրցումի ինքնաշարժի վարորդ, անասնաբուժ, ոստիկանուհի, համակարգիչի մասնագէտ, նոյնիսկ` նախագահութեան թեկնածու:

Պարպիին դէմ քննադատութիւնները ուղղուած էին յատկապէս իր կերպարանքին դէմ, որ իրականութենէն շատ տարբեր էր: Անոր մէջքը շատ բարակ էր, ոտքերը անբնականօրէն երկար եւ կոնքը շատ նեղ:

2016-ի սկիզբը «Մաթել» ընկերութիւնը կ՛որոշէ շուկայ իջեցնել Պարպիի նոր հաւաքածոյ մը, որուն պուպրիկները աւելի կը նմանին իսկական կիներու` հասակաւոր, կարճ, քիչ մը լեցուն, եւ այլն: Այս պուպրիկները աւելի ճշգրիտ պատկեր մը կու տան աշխարհի մէջ կնոջ գեղեցկութեան, որուն մէջ իւրաքանչիւր փոքրիկ աղջիկ պէտք է կարենայ ինքզինք գտնել: Այս ձեւով է, որ տարիներու ընթացքին Պարպի պուպրիկը աստղ մը դարձած է, ի պատիւ անոր` նոյնիսկ թանգարաններ անոր մասին ցուցադրութիւններ կը կազմակերպեն:

Պարպի պուպրիկը մարդամեքենայի կերպարով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մաթել» ընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ պուպրիկներու նոր շարք մը ներկայացուցած է մարդամեքենայի մասնագէտներու կերպարով: Այս մէկը եղած է, որպէսզի աղջիկներու մօտ ծրագրաւորման եւ բարձր արհեստագիտութիւններու մարզի մասնագիտութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջանայ:

Նոր պարպին «ճինզ» տաբատ հագած է, աչքերուն դրած է յատուկ պաշտպանական ակնոց` սարքաւորումներու հետ աշխատելու համար: Պուպրիկին ձեռքին կայ փոքր նոթպուք մը, անոր հետ դրուած է մարդամեքենային մանրակերտը: Խաղալիքին հետ գնողը երեխաներու համար ծրագրաւորման վեց դաս կը ստանայ «Թիքըր» յաւելուածին մէջ: Անոնց ընթացքին մասնաւորապէս պիտի բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս մարդամեքենայ պէտք է կառուցել, եւ թէ ինչպէ՛ս անոր պարել պէտք է սորվեցնել: Ընկերութեան ներկայացուցիչները արձանագրած են, որ 2017-ին, ըստ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան տեղեկութիւններուն, գիտութեան, արհեստագիտութեան, թեքնիքի եւ ուսողութեան վերաբերող թափուր աթոռներուն միայն 24 առ հարիւրը գրաւած են կիները[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]